2014-04-01 09:45:16

Վատիկանի մէջ կրկին պիտի ցուցադրուի ս. Գիրքի ձեռագրերը` 2 Ապրիլէն 22 յունիս 2014։


''Ս. Գիրքի պատմութիւնը դարերու հոլովոյթին'' վերտառութեամբ ցուցահանդէսը դարձեալ պիտի ցուցադրուի Վատիկանի մէջ։ Այցելուները կարելիութիւն պիտի ունենան մօտէն ճանչնալու Աստուածաշունչի զանազան լեզուներով տպագրուած հազուագիւտ ձեռագրերը, որ կը պատկանին քրիստոնեայ եւ հրեայ աւանդութիւններուն։
Նշենք որ 2012-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ ս. Գիրքի ձեռագրերու ցուցադրութիւնը։ 2000 տարիէ ի վեր Աստուածաշունչը իր ազդեցութիւնը ունի աշխարհի պատմութեան վրայ։ Ամերիկացիները մտադիր են Ուաշինկթոնի մէջ բանալ թանգարան մը նուիրուած` Ս. Գիրքի պատմութեան ու անոր ազդեցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.